Դժբախտաբար դեռ Կաղանդ պապային հաւատացողները շատ են: Ամէն ատեն, ամէն տեղ կը սպասեն, որ Կաղանդ պապան լաւ լուծումներ տայ: Երկիրը խաղաղի, դրամանիշը շտկուի, նախագահ ունենայ Լիբանանը, կառավարութիւն կազմուի, լաւ առաջնորդներ ունենանք, գործերը լաւ ըլլան, եւ այսպէս, մէկ հանդիպումէն միւսը` մէկ ժողովէն միւսը միշտ ալ Կաղանդ պապային կը սպասենք:
Մինչ այդ խորքին մէջ պէտք է համոզուինք այլեւս, որ ամէն մարդ ինքնիր Կաղանդ պապան է: Ինչ որ պիտի ընես, ինչ որ կրնաս ընել, ըրէ, մի՛ սպասեր Կաղանդ պապային, այլապէս դուն ալ տակաւին Կաղանդ պապային հաւատացողներուն շարքին կ՛անցնիս:
Հասկցողին շա՛տ բարեւ:
Ժամանակին, երբ փոքր էինք, անհամբեր Կաղանդ պապային կը սպասէինք:
Դեկտեմբերի սկիզբէն դպրոցը «Նամակ Կաղանդ պապային» նիւթով շարադրութիւններ կը գրէինք: Տունը` Կաղանդի ծառ ու զարդարանքներ: Ամէն առտու կը ստուգէինք` նուէր եկա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Նոր տարուան ժամը 12:00-ին կը սպասէինք անհամբեր: Կաղանդ պապուկը կու գար, կ՛երգէինք, կ՛ասմունքէինք, կը պարէինք, կը կատակէինք, կը զուարճանայինք, եւ շարքը երկար է…
Տարիներու ընթացքին այլեւս մենք սկսանք Կաղանդ պապա հագուիլ, ծպտուիլ: Սկսանք մենք տօնածառին տակ նուէր դնողները ըլլալ: Սկսանք Կաղանդ պապային ժամանումը կազմակերպել, եւ այդպէս, յաջորդաբար, հաւանաբար օր մըն ալ Կաղանդ պապա ըլլանք:
Սակայն որքան մեծնանք, մէկ կողմէ կը սկսինք այլեւս Կաղանդ պապային չհաւատալ, միւս կողմէ ալ` մեր շրջապատի մանուկներուն մէջ կը փորձենք պահել Կաղանդ պապային խորհուրդը: Այդ ընելու համար ալ կը խաղանք, խաղին մէջ կը մտնենք եւ տեղ մը մենք ալ կը սկսինք հաւատալ Կաղանդ պապային` փոխաբերական իմաստով:
Այնքան, որ եթէ մէկը անկարելի բանի մը իրականացման կը սպասէ, իրեն կ՛ըսեն` «Դեռ Կաղանդ պապայի՞ն կը հաւատաս»:
Դժբախտաբար դեռ Կաղանդ պապային հաւատացողները շատ են: Ամէն ատեն, ամէն տեղ կը սպասեն, որ Կաղանդ պապան լաւ լուծումներ տայ: Երկիրը խաղաղի, դրամանիշը շտկուի, նախագահ ունենայ Լիբանանը, կառավարութիւն կազմուի, լաւ առաջնորդներ ունենանք, գործերը լաւ ըլլան, եւ այսպէս, մէկ հանդիպումէն միւսը` մէկ ժողովէն միւսը միշտ ալ Կաղանդ պապային կը սպասենք:
Մինչ այդ խորքին մէջ պէտք է համոզուինք այլեւս, որ ամէն մարդ ինքնիր Կաղանդ պապան է: Ինչ որ պիտի ընես, ինչ որ կրնաս ընել, ըրէ, մի՛ սպասեր Կաղանդ պապային, այլապէս դուն ալ տակաւին Կաղանդ պապային հաւատացողներուն շարքին կ՛անցնիս:
Հասկցողին շա՛տ բարեւ:
Չհասկցողին ալ ըսեմ, որ Կաղանդ պապան պիտի չգայ: Մանաւանդ` քու երեւակայած Կաղանդ պապան: Եթէ դուն քու պարտականութիւնդ չընես, տարիներ շարունակ երկար պիտի սպասես, որ Կաղանդ պապան գայ` անկարելին կարելի դարձնելու:
Յակոբ Լատոյեան
«Ազդակ»