2020 թուականի ռազմական գործողութիւններու ընթացքին զոհուած եւ անհետ կորսուած զինուորներու եւ քաղաքացիական անձերու մասունքներու որոնողական աշխատանքները փրկարարական մeկ ջոկատով իրականացուած է Արցախի բռնագրաւուած հարաւային կողմը:
Ջրականի (Ճապրայիլ) ուղղութենէն յայտնաբերուած եւ տարհանուած է եւս մէկ մասունք: Անոր ինքնութիւնը կը հաստատուի դատաբժշկական փորձաքննութենէն յետոյ:
Յիշեցնենք, որ զինադադարէն ետք մինչ օրս յայտնաբերուած եւ հաստատուած է 1706 մասունք: