image

Ջերմ բարեմաղթութիւններ Յունահայոց Թեմի Առաջնորդի տարեդարձին առթիւ. Այսօր Գերշ. Տ. Խորէն Սրբազանի ծննդեան օրն է

 Ջերմ բարեմաղթութիւններ Յունահայոց Թեմի Առաջնորդի   տարեդարձին առթիւ. Այսօր Գերշ. Տ.  Խորէն Սրբազանի ծննդեան  օրն է

Օրերս Յունահայոց Թեմական Խորհուրդը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը նշած է Յունահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Եպս. Առաքելեանի ծննդեան տարեդարձը։ Հաղորդագրութեան մէջ Թեմական Խորհուրդը իր ջերմ բարեմաղթութիւնները փոխանցած է Սրբազան Հօր՝ բարձր գնահատելով անոր երկարամեայ հոգեւոր, հովուական  եւ ազգային ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ համայնքի կեանքին մէջ ունեցած առաջնորդող դերը։ Խորհուրդը նաեւ վերահաստատած է իր զօրակցութիւնն ու գործակցութեան պատրաստակամութիւնը՝ ի շահ Յունահայոց Թեմին եւ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան։

Հաղորդագրութեան մէջ  մասնաւորապէս կը նշուի.

Սրբազան Հայր,

Ձեր ծննդեան տարեդարձին առթիւ, Թեմական Խորհուրդս կը յղէ Ձեզի իր լաւագոյն մաղթանքները:

Այս օրը առիթ մըն է մեզի համար արժեւորելու Ձեր երկարամեայ, անխոնջ եւ նուիրական ծառայութիւնը մեր թեմի հովուապետական գահին վրայ։ Մենք կը գնահատենք այն մեծ աշխատանքը, որ կը կատարուի Ձեր իմաստուն առաջնորդութեամբ, եւ Ձեր անդուլ հոգածութիւնը մեր համայնքի միասնութեան եւ հոգեւոր յառաջդիմութեան համար։

Կը մաղթենք, որ Բարեգութ Աստուած Ձեզի պարգեւէ արեւշատ եւ օրհնեալ տարիներ, որպէսզի շարունակէք հովուել մեր ժողովուրդը նոյն իմաստութեամբ, հեռատեսութեամբ եւ նուիրումով, որոնք յատուկ են Ձեր անձին։ Թող Տիրոջ շնորհքը զօրացնէ Ձեզ իւրաքանչիւր քայլափոխի, տալով Ձեզի կորով՝ դիմագրաւելու մեր ժամանակներու մեծ մարտահրաւէրները։

Կը հաստատենք մեր լիակատար աջակցութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու մեր համագործակցութիւնը Ձեզի հետ՝ ի փառս մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն մեր համայնքին։

Բազմամեայ կեանք եւ օրհնեալ ծառայութիւն Ձեզ, Սրբազան Հայր։

Յարգանքներով,

Յունահայոց Թեմական Խորհուրդ

 

  «Արեւելք» նոյնպէս կը միանայ այս  գեղեցիկ բարեմաղթութիւններուն, ամենալաւն ու բարին մաղթելով Սիրելի Սրբազանին։