Իտալիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ Փուլիայի (Puglia) շրջանին մէջ պատուոյ հիւպատոսութեան բացման մասին։
Հիւպատոսական գրասենեակին բացումը կարեւոր քայլ մըն է՝ ուղղուած Հայաստանի եւ Փուլիայի տարածաշրջանին միջեւ պատմական բարեկամական յարաբերութիւններու եւ մշակութային, տնտեսական եւ դիւանագիտական կապերու ամրապնդման։
Գրասենեակը կը գտնուի Պառիի Corso Vittorio Emanuele 30 հասցէին։
Պատուոյ հիւպատոս Տարիօ Ռուբէն Թիմուրեան պիտի ըլլայ Փուլիայի մէջ Հայաստանի քաղաքացիներու պաշտպանութեան և գիտական, մշակութային, կրթական, տնտեսական եւ առեւտրային համագործակցութեան խթանման ու ամրապնդման ուղղուած նախաձեռնութիւններու կապի անձը։
Թիմուրեան, ծնած է 1974-ին, աւարտած է Պառիի համալսարանի իրաւաբանական ճիւղը. շինարարութեան եւ կահոյքի ոլորտի ձեռնարկատէր է։ Անոր ընտանիքը ժամանած է Պառի 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն յետոյ։