image

Իտալիա. Յայտնի են ուղղաթիռի արկածին հետեւանքով զոհուածներուն անունները

Իտալիա. Յայտնի  են  ուղղաթիռի արկածին հետեւանքով զոհուածներուն անունները

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ  Arevelk.am աւելի վաղ եւ բաւարար մանրամասնութիւններով լոյս սփռած էր մահաբեր արկածին վրայ։

 

Իտալիոյ մէջ եղած արկածին հետեւանքով զոհուած լիբանանցիներու վիշտը համակած է ամբողջ Լիբանանն ու լիբանանցիները։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ «Ալ Նահար» պարբերականէն։

 

 Աղբիւրը մասնաւորապէս կը նշէ, որ ուղղաթիռի արկածին հետեւանքով զոհուած լիբանանցիները ՝ Շատի Քրէյտին է եւ Թարէք Թայյահը։

Կեանքի ասպարէզին յանուն մինչեւ հեռաւոր Իտալիա հասած երիտասարդները տէր են ընտանիքի եւ անցած են փայլուն ճանապարհ։

Կը նշուի նաեւ, որ մինչ Քրէյտի, որ անդամ էր Լիբանանի ելեկտրականութիւն» ընկերութեան խորհուրդին, անդամ էր «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութեան, իսկ Թարէք Թայյահ հարազատն էր Լիբանանցի պատգմաւոր Նահմաթ Ֆրէմին։

 

Կը նշուի նաեւ, որ Թարէք Թայյահի  կինը զոհուած էր  երկու տարի  առաջ Պէյրութի   աղիտալի պայթումին հետեւանքով, իսկ Շատի Քրէյտի, որուն եղբայրը մահացած էր հիւանդութեան հետեւանքով ստիպուած էր ապրուստը ապահովել երկու  ընտանիքներու, իր եւ իր եղբօր  ընտանիքին։

Սուգը պատած է երկու երիտասարդներուն ընտաիքներն ու ծննդավայրերու ամբողջ շրջանակը, իսկ լուրին աղբիւր «Ալ Նահար»ը հարց կուտայ, որ մինչեւ ուր վիշտը պիտի հալածէ լիբանանցիները։

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ  Arevelk.am աւելի վաղ եւ բաւարար մանրամասնութիւններով լոյս սփռած էր մահաբեր արկածին վրայ։