image

Իտալիա.Սոփրանօ Յասմիկ Թորոսեանի ելոյթը յաջողութեամբ պսակուեցաւ

Իտալիա.Սոփրանօ Յասմիկ Թորոսեանի ելոյթը յաջողութեամբ պսակուեցաւ

Rossini Opera Festival հեղինակաւոր փառատօնի (Օգոստոս 10–22) շրջանակին մէջ, Օգոստոս 20-ին, Հայաստանի օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի մենակատարուհի, սոփրանօ Յասմիկ Թորոսեան ելոյթ ունեցած է Իտալիոյ Փեզարօ (Pesaro) քաղաքի «Ռոսինի» թատրոնի բեմին վրայ։

Երգչուհիին ընկերակցած է նշանաւոր դաշնակահար Ճուլիօ Զափփա։

Ամէնամեայ սոյն փառատօնը կը մէկտեղէ օփերայի արուեստի հազարաւոր սիրահարներ՝ ամբողջ աշխարհէն։