image

Իսթանպուլ. 1 մայիսի առթիւ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են

Իսթանպուլ. 1 մայիսի առթիւ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են

Իսթանպուլի մէջ Մայիս 1-ի հանրահաւաքներու ընթացքին ոստիկանութիւնը գործածած է արցունքաբեր կազ, եւ տասնեակ մարդիկ ձերբակալուած են։

 

Ցուցարարները կը պահանջեն բարձրացնել աշխատավարձերը եւ բարելաւել աշխատանքային պայմանները։

Հազարաւոր բանուորներ Մայիս 1-ին դուրս եկած են Թուրքիոյ փողոցներ՝ արտայայտելու իրենց դժգոհութիւնը ցած վարձատրութեան եւ ծանր աշխատանքային պայմաններուն դէմ։ Իրաւապահ մարմինները ջրցան մեքենաներ գործածած են ցուցարարները զսպելու համար, կը հաղորդէ T24 հեռուստակայանը։

Արշաւները տեղի կ՚ունենան արհմիութենական գործիչներու ձերբակալութիւններու եւ բանուորական ելոյթներուն նկատմամբ իշխանութիւններու մօտեցման ընդհանուր խստացման պայմաններուն մէջ։ Տարեսկիզբէն ի վեր իրենց իրաւունքներուն համար աշխատաւորներու պայքարը ուղեկցուած է ոստիկանական միջամտութիւններով, բերման ենթարկումներով, աշխատանքէ ազատումներով եւ տեւական դատական գործընթացներով։