image

Իսրայէլին կոչ կ՚ընենք արդարացի լուծում տալու հարցին․ Զախարովան՝ «Կովերու պարտէզի» մասին

Իսրայէլին կոչ կ՚ընենք արդարացի լուծում տալու հարցին․ Զախարովան՝ «Կովերու պարտէզի» մասին

Ռուսիան մտահոգուած է Երուսաղէմի քրիստոնէական համայնքի ներկայացուցիչներու հանդէպ յաճախակի դարձած սադրանքներով։ Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ամէնշաբաթեայ ճեպազրոյցի ժամանակ:

«Մասնաւորապէս, ուշադրութիւն կը դարձնենք բախումային այն իրավիճակին, որ ստեղծուած է Հին քաղաքին մէջ տեղակայուած, այսպէս կոչուած, «Հայկական պարտէզի» շուրջ․ այն դատական քաշքշուկի առարկայ դարձած է Երուսաղէմի հայկական պատրիարքութեան եւ իսրայէլեան կազմակերպութիւններէն մէկու միջեւ»,- ներկայացուցած է իրավիճակը Զախարովան։

Անոր խօսքով՝ չսպասելով դատական գործընթացի աւարտին՝ կազմակերպութիւնը սկսած է հիւրանոցային համալիրի կառուցման աշխատանքներ վիճելի տարածքի մէջ, որ բախումներու բերած է տեղի հայերու եւ հրեայ ծայրայեղականներու միջեւ։

«Մենք կոչ կ՚ընենք Իսրայէլի իշխանութիւններուն քայլեր ձեռնարկելու այս զգայուն հարցի արդարացի լուծման համար՝ օրէնքի սահմաններու մէջ։ Մենք կը հաւատանք, որ երկրի կրօնական բոլոր համայնքներու իրաւունքները պէտք է հաւասարապէս պաշտպանուած ըլլան»,- յայտարարած է Զախարովան։

Ան շեշտած է՝ Ռուսիան դէմ է որեւէ ապօրինի գործողութեան, որու նպատակը երկրին մէջ պատմականօրէն ձեւաւորուած էթնիք հաւասարակշռութիւնը խախտելն է Երուսաղէմի Հին քաղաքին մէջ, ներառեալ՝ ոտնձգութիւնները՝ դարերով այնտեղ ապրող քրիստոնեաներու, անոնց սեփականութեան եւ սրբավայրերու հանդէպ։