image

Իսրայէլի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է «Համաս»-ի առաջնորդ Իսմայիլ Հանիէի քոյրը

Իսրայէլի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է «Համաս»-ի առաջնորդ Իսմայիլ Հանիէի քոյրը

Իսրայէլի ոստիկանութիւնը երկուշաբթի յայտարարած է երկրի հարաւը պաղեստինեան արմատական «Համաս» շարժման բարձրաստիճան անդամներէ մէկու ազգականի ձերբակալութեան մասին:

The Times of Israel-ը նշած է, որ խօսքը «Համաս»-ի քաղբիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի քրոջ մասին է։ Վերջինս կ՚ապրի Իսրայէլի մէջ եւ կը կասկածուի խմբաւորման հետ կապեր ունենալու եւ ահաբեկչութեանն աջակցելու մէջ։

«Հարաւային շրջանի ոստիկանութիւնն այլ հետախուզական ծառայութիւններու հետ համաձայնեցուած գործողութիւն իրականացուցած է Թել Շեւա քաղաքի տուներէն մէկուն մէջ, որու բնակչուհին կը հասկածուի «Համաս»-ի գրոհայիններու հետ շփման եւ իրեն ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ նոյնականացման մէջ: «Համաս» ահաբեկչական կազմակերպութեան բարձրաստիճան անդամի ազգականը ձերբակալուած է հարցաքննութեան համար»,-ըսուած է ոստիկանութեան մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Ոստիկանութիւնը չի նշեր ձերբակալուածի անունը, սակայն իսրայէլեան լրատուամիջոցները, յղում ընելով աղբիւրներուն, կը յայտնեն, որ ձերբակալուած կինը՝ Սապահ Ապտ ալ Սալամ Հանիէն, Հանիէյի քոյրն է։