Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն երէկ երեկոյեան յայտարարած է, որ ժամանակաւորապէս կը կասեցնէ դատական բարեփոխումները: Ան նշած է, որ կ'ուզէ «իրական երկխօսութեան իրական հնարաւորութիւն» տալ օրինագծի շուրջ, որ բողոքի մեծ ալիք բարձրացուցած էր: Այս մասին հաղորդած է Jerusalem Post պարբերականը:
Նաթանիահուն միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ իր կառավարութիւնը, ի վերջոյ, պիտի կատարէ բարեփոխումներ, որոնք «կը վերադարձնեն իշխանութեան ճիւղերու միջեւ հաւասարակշռութիւնը»: Իսրայէլի վարչապետը շեշտած է, որ երկիրը «վտանգաւոր ուղիով» կ'ընթանայ, եւ ինքը թոյլ չի տար, որ այդ ամէնը վերածուի քաղաքացիական պատերազմի:
Իսրայէլի վարչապետի յայտարարութենէն ետք արհմիութիւնները չեղարկած են յայտարարուած գործադուլը, սակայն հակակառավարական ցոյցերը շարունակուած են: Երկուշաբթի երեկոյեան ցուցարարները փակած են Քնեսեթի մերձակայքը գտնուող քանի մը ճանապարհներ, կարճ ժամանակով փակուած է Երուսաղէմի Լարաւոր կամուրջը:
Ցոյցերու կազմակերպիչները յայտարարած են, որ հակառակ Նաթանիահուի յայտարարութեան՝ ցոյցերը պիտի շարունակուին նաեւ մարտ 28-ին, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ շաբաթ օր: Անոնք հիմնական կեդրոնացած պիտի ըլլան Թէլ Աւիւի մէջ, սակայն տարբեր քաղաքներու մէջ եւս կրնան ցոյցեր ըլլալ: