image

Իսրայէլի եւ «Հըզպալլա»-ի միջեւ հակամարտութեան կրնայ մեծ պատերզմի տանիլ. Politico

Իսրայէլի եւ «Հըզպալլա»-ի միջեւ հակամարտութեան  կրնայ մեծ պատերզմի  տանիլ. Politico

Ամերիկեան իշխանութիւններու գնահատմամբ՝ առաջիկայ օրերուն Իսրայէլի եւ լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման միջեւ մարտերը զգալիօրէն պիտի սրին, որ կրնայ յանգեցնել անոնց միջեւ լայնածաւալ պատերազմի: Այս մասին յայտնած է ամերիկեան Politico պարբերականը:

Լրատուամիջոցի հաղորդմամբ՝ ԱՄՆ-ի վարչակազմի երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ նշած են, որ իրավիճակի վերջին վերլուծութիւնը կը վկայէ լարուածութեան նուազման հասնելու բարդ ըլլալու մասին: Ամերիկացիներու անհանգստութիւնն աճած է յատկապէս այն բանէ ետք, երբ Իսրայէլը պայթեցուցած է «Հըզպալլա»-ի շարք մը անդամներու «փէյճըր»ները, ռատիոհաղորդակցութեան միջոցները եւ Պէյրութի բնակելի շէնքերէն մէկը, որու հետեւանքով, ինչպէս նշուած է, սպանուած է նշուած շարժման բարձրաստիճան հրամանատար Իպրահիմ Աքիլը:

Politico-ն ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն հանգամանքին, որ մասնաւոր գնահատականները կը հակասեն Սպիտակ տան պաշտօնական յայտարարութեանն առ այն, որ հետագայ արիւնահեղութիւնը դեռ հնարաւոր է կանխել դիւանագիտական միջամտութեամբ: Աւելի վաղ Սպիտակ տան խորհրդական Ճոն Քըրպին լրագրողներու հետ զրոյցին նշած էր, որ խնդրի դիւանագիտական լուծումը դեռ իրատեսական է: «Իսրայէլի եւ Լիբանանի սահմանին պատերազմն անխուսափելի չէ: Կը շարունակենք ամէն ինչ ընել այն կանխելու համար»,- ընդգծած էր ան:

Նշուած է, որ Իսրայէլը Ուաշինկթընին յայտնած է դիւանագիտական լուծման հասնելու մտադիրութեան մասին, որու համար, սակայն, անհրաժեշտ է ռազմական գործողութիւններու միջոցով ճնշում գործադրել «Հըզպալլա»-ի վրայ։ Միաժամանակ, ամերիկացի պաշտօնեաները պարբերականին տեղեկացուցած են, որ առաջիկայ օրերուն կը սպասուի իրավիճակի վատթարացում, քանի որ «Հըզպալլա»-ն այս կամ այն կերպ հակահարուած պիտի հասցնէ Իսրայէլին։