image

Իսրայէլի եւ ԱՄՆ.ի թիւ մէկ «Թիրախ»ը. Ո՞վ է Թալալ Համիյէն (Լուսանկար)

  Իսրայէլի եւ ԱՄՆ.ի թիւ մէկ «Թիրախ»ը. Ո՞վ է Թալալ Համիյէն (Լուսանկար)

Անցեալ հինգշաբթի Պէյրութի դէմ եղած հարուածէն ասդին իսրայէլեան աղբիւրներ սկսած են աշխոյժ  կերպով քննարկել Թալալ Համիյէի թեման։

Այս առումով ալ իսրայէլեան «Եէտոհոթ Ահրոնոթ» պարբերականը հանգամանաւոր կերպով գրած է «Հըզպալլա»ի կարեւորագոյն ղեկավարներէն՝ Թալալ Համիյէի մասին, նշելով, որ ԱՄՆ լիբանանցի  այս գործիչին գլխագին մը նշանակած է եւ երկար ժամանակէ ի վեր անոր անունը դրած է Wanted-ներու շարքին։

Ըստ տարածուած լուրերուն, 7 միլիոն տոլարի գլխագին ունեցող  Համիյէ մասնակից չէ եղած Հաշէմ Սաֆի Ալ Տինի գլխաւորած ժողովին ու երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուի լոյսերէ հեռու։ Ան նաեւ կը համարուի «Հըզպալլա»ի «Շուքի միաւոր» կամ «Սեւ միաւոր» անունով յայտնի ջոկատի անդամ, որ տարբեր երկիրներու մէջ  խորհրդաւոր գործունէութիւն կը ծաւալէ։ Իր կարգին ամերիկեան աղբիւր մը հաղորդած է, որ Համիյէ նաեւ կը համարուի գլխաւոր պատասխանատուն      այն գործողութիւններուն, որոնք թիրախ դարձուցած են իսրայէլեան շահերը Հարաւային Ամերիկայի մէջ։

Անշուշտ այս տուեալներն ու տեղեկութիւնները կը բանան բաւական մեծ հարցումներու պարկը, որ արդեօ՞ք Սաֆի Ալ Տին ու անոր միացած անձերը սպաննուած են Պէյրութը թիրախ դարձուցած հարուածներուն հետեւանքով եւ  արդեօք իրողապէս  Համիյէ կը համարուի  «Հըզպալլա»ի  կարեւոր  գործիչներու «վերջին մոհիկան»ը։

 Լուրը՝  աղբիւրներ, «Արեւելք»։