image

Իսրայէլեան ուժերու թափանցումը դէպի «Ժընին». Մարտեր, զոհեր եւ բախումներ

   Իսրայէլեան ուժերու թափանցումը դէպի «Ժընին». Մարտեր, զոհեր եւ բախումներ

Երկար տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Իսրայէլեան ուժեր մեծ ներթափանցում մը կատարած են Արեւմտեան Ափի «Ժընին» գաղթակայանին մէջ։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Ալ Մայատին» կայանէն, որ յղում տալով պաղեստինեան աղբիւրներու նշեց, որ իսրայէլեան ուժեր որ նպատակ ունեցած են «Ժընին» մուտք գործել ձերբակալումներ կատարելու նապատակով բախումի բռնուած են։

 Պաղեստինցի զինեալներ կրակը փոխադարձած են եւ իրավիճակը համարուած է պատերազմական։ 

 

 Մինչեւ այս պահը զոհերուն թիւը կը գնահատուի 10-ով եւ սպաննուածներուն մէջ կայ տարիքոտ կին մը։

 

 Զոհուածները բոլորն ալ պաղեստինցիներ են եւ ըստ նախնական տուեալներու լարուած իրավիճակ կը տիրէ նաեւ Կազայի սահմանին։

 

 Պաղեստինցի լրագրողներ, որ «Ալ Մայատին»ին խօսեցան նաեւ յայտնեցին, որ եղածը ջարդ մըն է ուղղուած պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ։

 

 Իրավիճակը կրնայ աւելիով սրիլ եւ յանգեցնել նոր արիւնահոսութիւններու։