Իսրայէլը, ի պատասխան Իրանի հրթիռային հարուածին, կրնայ հարուած հասցնել Սուրիոյ կամ Եմէնի մէջ Թեհրանի կողմէ հովանաւորուող խմբաւորումներուն կամ Իսլամական հանրապետութեան պահակագունդի ուժերուն, հաղորդած է Politico-ն՝ յղում ընելով ամերիկեան վարչակազմին մէջ իր աղբիւրներուն։
Միացեալ Նահանգներու նախագահի օգնականները նշած են, որ Միացեալ Նահանգներն Իրանի յարձակման պատասխանի հարցով աշխուժօրէն կը համագործակցին Իսրայէլի հետ․ այդ պատասխանը կրնայ ներառել նաեւ ռազմական հարուած։
Միացեալ Նահանգներու վարչակազմն, ըստ թերթի աղբիւրներու, հանդէս կու գայ «սահմանափակ պատասխանի» օգտին՝ միաժամանակ ընդգծելով, որ այդ պարագային նախագահ Պայտընի ազդեցութիւնը տարածաշրջանային զարգացումներու վրայ կրնայ նկատելիօրէն նուազիլ։
Financial Times պարբերականն ալ հաղորդած է, որ Իսրայէլը չի դիտարկեր Իրանի միջուկային կառոյցներուն հարուած հասցնելու տարբերակը․ Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտարարած է, որ դէմ կ՚ըլլայ նման յարձակման։