Իսրայէլեան կործանիչներու հարվածներու հետեւանքով Դամասկոսի մէջ վիրաւորուած են սուրիական բանակի երկու զինծառայող։ Այս մասին կը հաղորդէ սուրիական SANA գործակալութիւնը:
Ըստ գործակալութեան աղբիւրի՝ հարուածը հասցուած է Կոլանի բարձունքներէն։
SANA-ն պնդած է, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութիւնը խոցած է հրթիռներու մեծ մասը։ Հարուածի հետեւանքով սուրական կողմը նիւթական վնասներ կրած է։