image

Իսրայէլ հարուածած է Սուրիան

Իսրայէլ հարուածած է Սուրիան

Իսրայէլեան կործանիչներու հարվածներու հետեւանքով Դամասկոսի մէջ վիրաւորուած են սուրիական բանակի երկու զինծառայող։ Այս մասին կը հաղորդէ սուրիական SANA գործակալութիւնը:

Ըստ գործակալութեան աղբիւրի՝ հարուածը հասցուած է Կոլանի բարձունքներէն։

SANA-ն պնդած է, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութիւնը խոցած է հրթիռներու մեծ մասը։  Հարուածի հետեւանքով սուրական կողմը նիւթական վնասներ կրած է։