Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերն այսօր առաւօտեան հարուածած են Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ գտնուող բնակելի տան ուղղութեամբ: Զոհուած է առնուազն 4 մարդ, վիրաւորուած է՝ 23 – ը։
Այս մասին հաղորդած է Al Mayadeen հեռուստաալիքը՝ վկայակոչելով Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը:
Աւելի վաղ լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ իսրայէլեան կործանիչներն առնուազն 4 հրթիռ արձակած են շէնքի ուղղութեամբ: Նշուած էր, որ հարուածի հետեւանքով փլուզած է 8–յարկանի շէնք։ Իսրայէլեան բանակը շրջանի բնակիչները չէ զգուշացուցած պատրաստուող հարուածի մասին։
«Պէյրութի Պասթա ալ–Ֆաուքա շրջանի վրայ իսրայէլեան յարձակման հետեւանքով, նախնական հաշուարկներով, զոհուած է չորս մարդ, եւս 23 – ը վիրաւորուած են, փլատակներու տակ որոնումները կը շարունակուին», –ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Բացի այդ, իսրայէլեան օդուժը գիշերը հարուածներ հասցուցած է նաեւ Պէյրութի հարաւային արուարձանի քանի մը շրջաններու: Հնարաւոր զոհերու մասին տեղեկութիւններ դեռ չկան: