Հերթական անգամ խախտելով միջազգային բոլոր կանոնները Իսրայէլ հարուածած է Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Ալ Մայատին» կայանէն։
Աղբիւրը մասնաւորապէս կը նշէ, որ հարուածները թիրախաւորած են Դամասկոսի շրջակայքը գտնուող զինուորական դիրքեր։
Ըստ «Ալ Մարսատ ալ սուրի» կայքին Իսրայէլ թիրախ դարձուցած է «Հըզպալլա»ի պատկանող դիրքեր եւ հարուածներուն հետեւանքով ինկած են զոհեր (նախնական տուեալներով)։
Կը նշուի նաեւ, որ սուրիական հակօդային պաշտպանութեան համակարգեր աշխատած են ու վար առած իսրայէլեան կարգ մը հրթիռներ։