Գեղարքունիքի մարզի Գեղամասար համայնքի բնակավայրերու ուղղութեամբ իրավիճակը այս պահուն հանգիստ է։
NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ Գեղամասար խոշորացուած համայնքի ղեկավար Յակոբ Աւետեանն ըսած է, որ կրակը դադրած է ժամը 01։00-ի սահմաններուն։
«Գիւղերում արդէն լուրջ անհանգստութիւն կայ։ Այս ամէնն արդէն դարձել է շարունակական պրոցես (գործընթաց), մի օր չի, գրեթէ ամէն օր է։ Տարբեր տրամաչափի զէնքերից կրակում էին։ Արդէն գիւղերի վրայ են կրակում»,- ըսած է Յակոբ Աւետեանը։
Յիշեցնենք, որ նախօրէին սրուած է իրավիճակը հայ–ատրպեճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ։ Ժամը 18։10–ի սահմաններուն, Ատրպէյճանը հերթական անգամ դիմած է սադրանքի` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բանալով հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։ Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ ծաւալած փոխհրաձգութեան հետեւանքով հակառակորդի կրակոցէն մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է ժամկէտային զինծառայող, 19–ամեայ Արման Յովհաննէսի Յակոբեանը: Հայկական կողմի ձեռնարկած պատասխան գործողութիւններու հետեւանքով հակառակորդը ունի առնուազն երեք զոհ եւ վիրաւոր:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանն ալ յայտնած է, որ ատրպեճանական զինուած ուժերը ուղիղ նշանառութեամբ կը կրակեն Գեղարքունիքի մարզի Կութ եւ Նորաբակ գիւղերու վրայ եւ բնակիչները կը փորձեն պատսպարուիլ: