Իրաքի հիւսիսը գտնուող ամերիկեան «ալ Հարիր» օդուժի ռազմակայանը զինուած անօդաչու թռչող սարքերու կողմէ ենթարկուած է յարձակման, որուն նախորդած են տագնապի ազդանշաններ Պաղտատի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ։
Այս մասին հաղորդած է Reuters գործակալութիւնը։
Ըստ գործակալութեան աղբիւրներու՝ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան շչակները գործարկուած են նոյեմբեր 8-ի երեկոյեան, սակայն շէնքին հարուածներու կամ տուժածներու մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած։ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան խօսնակը եւ Իրաքի կառավարութեան պաշտօնեան առայժմ մեկնաբանութիւն չեն տուած։
Իսկ «ալ Հարիր» օդուժի ռազմակայանի վրայ յարձակման պատասխանատւութիւնը ստանձնած է «Իրաքի մէջ իսլամական դիմադրութիւն» կոչուող խմբաւորումը։ Ըստ խմբաւորման յայտարարութեան՝ «ալ Հարիր» ռազմակայանը թիրախաւորած են երկու ԱԹՍ-ներ։
Իրաքի մէջ եւ Սուրիոյ հետ սահմանին տեղակայուած ամերիկեան եւ միջազգային ուժերու յենակէտերը Իսրայէլի եւ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ արմատական շարժման միջեւ աւելի քան մէկ ամիս շարունակուող պատերազմի ընթացքին տասնեակ յարձակումներու ենթարկուած են։
Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաները յայտարարած են, որ պաշտպանական ուժեղ համակարգերու շնորհիւ հարուածները չեն հասած իրենց նշանակէտերուն։ Անոնք յարձակումներու պատասխանատու անուանած են Իրանի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումները։