Իրաքահայ մարզիկ Ռաֆֆի Ալեքսանեան նոր յաջողութեան տիրացած է։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի պաշտօնական էջէն։
Աղբիւրը մասնաւորապէս կը նշէ, որ 2015 թուականէն ի վեր մարմնի գեղեցկութեան մրցանքներու մասնակցող բնիկ Պաղտատահայ Ալեքսանեան վերջերս մասնակցած է Իրաքի ախոյեանութեան ու նուաճած է երկրորդ պատուաւոր դիրքը ստանալով արծաթեայ մէտալ։
Կը նշուի նաեւ, որ այդ առթիւ մեր հայրենակիցը այցելած է Պաղտատի Ազգային Առաջնորդարան եւ օրհնութիւնը ստացած թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Աւագ արք. Ասատուրեանին։
Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրաքահայ մեր հայրենակիցին։
