image

Իրաքահայ մարզիկ՝ Ռաֆֆի Ալեքսանեանի նոր յաջողութիւնը (Լուսանկար)

Իրաքահայ մարզիկ՝ Ռաֆֆի Ալեքսանեանի նոր յաջողութիւնը (Լուսանկար)

Իրաքահայ մարզիկ Ռաֆֆի Ալեքսանեան նոր յաջողութեան տիրացած է։

 

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի պաշտօնական էջէն։

 

 

 Աղբիւրը մասնաւորապէս կը նշէ, որ 2015 թուականէն ի վեր  մարմնի գեղեցկութեան մրցանքներու մասնակցող բնիկ Պաղտատահայ Ալեքսանեան վերջերս մասնակցած է Իրաքի ախոյեանութեան ու նուաճած է երկրորդ պատուաւոր դիրքը ստանալով արծաթեայ մէտալ։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ  այդ առթիւ մեր հայրենակիցը այցելած է Պաղտատի Ազգային Առաջնորդարան եւ օրհնութիւնը ստացած թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Աւագ արք. Ասատուրեանին։

 

 Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրաքահայ մեր հայրենակիցին։