image

Իրաք մտադիր է ԱԹՍ-ներ գնել Թուրքիայէն

Իրաք մտադիր է ԱԹՍ-ներ գնել Թուրքիայէն

Իրաք կրնայ դառնալ Ատրպէյճանէն յետոյ երկրորդ հարեւան երկիրը, որ կրնայ գնել Baykar-ի արտադրութեան Պայրաքտար TB2 թրքական մարտական անօդաչու թռչող սարքերը։ Սակայն Իրաքի հետ նման գործարքը կ'ունենայ այլ արդիւնքներ, անոնց կարգին՝ ռազմաքաղաքական ենթաթեքսթ, յայտնած է TRT Haber-ը։ 

Աղբիւրը վկայակոչած է հնարաւոր վաճառքի մասին միջազգային լրատուամիջոցներու պնդումները, որոնք կ'ըսեն, որ Իրաքի նախարարներու գրասենեակը 100 միլիոն տոլար յատկացուցած է անօդաչու սարքեր գնելու համար։  

Պաշտպանական քաղաքականութեան վերլուծաբան՝ Հաքան Քըլըչ կը կարծէ, որ անօդաչու թռչող սարքերու վաճառքը Իրաքին կը պահանջէ որոշակի մակարդակի վստահութիւն երկրի նկատմամբ եւ երաշխիքներ, որ ան չ'օգտագործեր թրքական արտադրութեան անօդաչու թռչող սարքերը Թուրքիոյ դէմ։ «Եթէ գործարքը կայանայ, այդ ցոյց կու տայ, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները հասած են որոշակի մակարդակի, եւ մենք վստահ ենք, որ անոնք չեն օգտագործեր մեր արտադրանքը մեր դէմ»,ըսած է ան։

Քըլըչ բացատրած է, որ Իրաք սերտ յարաբերութիւններ կը պահպանէ ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի եւ Չինաստանի հետ, բայց եթէ Պաղտատ ընտրէ Թուրքիան անօդաչու թռչող սարքեր գնելու համար, այդ ցոյց կու տայ քաղաքական մտերմութիւն: