image

Ռուսական ԱԹՍ-ները հարուածած են Օտեսան. Կան զոհեր

Ռուսական ԱԹՍ-ները հարուածած են Օտեսան. Կան զոհեր

Օտեսայի մարզին մէջ ռուսական ԱԹՍ-ն հարուածած է ուղեւորատար գնացք, որու հետեւանքով զոհուած են մեքենավարն ու անոր օգնականը, յայտնած է «Ուքրզալիզնիցիան» (Ուքրանական երկաթուղիներ):

Ընկերութեան հաղորդագրութեան համաձայն, հակառակ սպառնալիքին, գնացքավարներու անձնակազմը շարունակած է վարել գնացքը, որ 340 ուղեւորները կարենան անվտանգ դուրս գալ վակոններէն։

Բոլոր ուղեւորները յաջողութեամբ տարհանուած են, անոնց շարքերէն տուժածներ չկան։