image

Անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով մարտ 30-ին Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի դասերը պիտի կայացուին առցանց

Անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով մարտ 30-ին Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի դասերը պիտի կայացուին առցանց

Անվտանգութեան նկատառումներով, մարտ 30-ին Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի բոլոր դասերը պիտի կայացուին առցանց ձեւաչափով։ Այս մասին յայտնած են համալսարանէն, նշելով, որ սա պարզապէս նախազգուշական միջոցառում է։

«Խնդրում ենք ի գիտութիւն ընդունել, որ ելնելով անվտանգութեան նկատառումներից եւ հաշուի առնելով Արեւմտեան Ասիայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան համալսարանների թիրախաւորման վերաբերեալ Իրանի կողմից հնչեցուած սպառնալիքները, երկուշաբթի՝ մարտի 30-ին, բոլոր դասերը կ՚անցկացուեն առցանց ձեւաչափով։ Նշենք, որ սա պարզապէս նախազգուշական միջոցառում է: Համալսարանը ուշադիր հետեւում է իրավիճակին եւ կը տեղեկացնի ժամանակացոյցի կամ ուսուցման ձեւաչափի  ցանկացած փոփոխութեան մասին

Ցանկանում ենք ընդգծել, որ մեր համալսարանի նկատմամբ որեւէ ուղղակի սպառնալիք չի արձանագրուել, եւ առկայ չեն հիմքեր համալսարանի՝ վտանգի մէջ գտնուելու վերաբերեալ, ուստի խուճապի պատճառ չկայ»,- յայտնած են Ամերիկեան համալսարանէն։

Իրանի «Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը» յայտարարած է, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գործող ամերիկեան համալսարանները կրնան դառնալ օրինական թիրախներ։ Ըստ իրանական կողմի՝ սա պատասխան քայլ է ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի յարձակումներուն, որոնց հետեւանքով վնասուած են Թեհրանի գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու համալսարանը եւ Սպահանի արհեստագիտական համալսարանը։

 

Իրանի «Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը» վերջնագիր ներկայացուցած է Ուաշինկթընին՝ պահանջելով մինչեւ երկուշաբթի կէսօր դատապարտել Իրանի կրթական հաստատութիւններուն վրայ կատարուած յարձակումները։ Անոնք նաեւ յորդորած են ամերիկեան համալսարաններու անձնակազմը, դասախօսները եւ ուսանողները առնուազն մէկ քիլոմեթր հեռաւորութիւն պահպանելու համալսարանական տարածքներէն։