Իրանը իր ազգային շահերն ու ժողովուրդը կը պաշտպանէ մեծ եռանդով եւ առանց որեւէ վերապահումներու, յայտարարած է պաշտպանութեան նախարար Մոհամմատ Ռեզա Աշթիանին՝ «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորման եւ Իսրայէլի հետախուզութեան՝ Մոսատի կեդրոնի դէմ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ շարք մը հրթիռային հարուածներէն ետք։ Այս մասին գրած է tasnimnews.com-ը:
Երեքշաբթի վաղ առաւօտեան սուրիական Իտլիպի եւ իրաքեան Էրպիլի մէջ գտնուող թիրախներու ուղղութեամբ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրագունդի կողմէ հասցուած հրթիռային հարուածներու մասին լրագրողներու հարցին ի պատասխան Իրանի պաշտպանութեան նախարարն ըսած է.«Մենք սահմաններ չենք դներ մեր ազգային շահերու եւ ժողովուրդի պաշտպանութեանն ուղղուած միջոցառումներուն մէջ եւ նման միջոցներ պիտի ձեռնարկենք հզօր կերպով»։
Վերահաստատելով Իրանի յարգանքը այլ պետութիւններու ինքնիշխանութեան, շահերու եւ կանոնակարգերու նկատմամբ՝ Աշթիանին ըսած է, որ Իրանը որեւէ կողմի թոյլ չի տար վտանգաւոր գործողութիւններ կատարել սահմանին։
«Մենք կ՚արձագանգնեք որեւէ տարածքէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ ուղղուած սպառնալիքներուն»,- ընդգծած է ան։