Հիւսիսաթլանթեան դաշինքը արդիւնաւէտօրէն կը պատրաստուի Ռուսիոյ հետ հակամարտութեան, յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւրոպական հարցերով բաժանմունքի տնօրէն Վլատիսլաւ Մասլեննիքովը։
«Ներկայիս Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի բոլոր դոկտրինալ փաստաթուղթերուն մէջ Ռուսիան նշուած է որպէս ամենանշանակալի եւ անմիջական անվտանգութեան սպառնալիք։ Ընդգծուած է, որ այն պիտի մնայ այդպիսին երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ, նոյնիսկ եթէ ուքրանական հակամարտութիւնը լուծուի: Ատոր հիման վրայ ՆԱԹՕ-ն արդիւնաւէտօրէն կը պատրաստուի Ռուսիոյ հետ հնարաւոր հակամարտութեան՝ աւելցնելով ռազմական ծախսերը, զարգացնելով իր կարողութիւնները մեր սահմաններու երկայնքով եւ տեղակայելով նոր առաքելութիւններ եւ գործողութիւններ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ», - նշած է Մասլեննիքովը։