Իրան կ'աջակցի Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ վէճերու խաղաղ կարգաւորման. այս մասին Պաքուի մէջ Ոչ յանձնառու շարժումի անդամ երկիրներու համակարգող բիւրոյի նիստին իր ելոյթի ժամանակ յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը։
Միեւնոյն ժամանակ ան նշած է, որ Իրանը միշտ դէմ եղած է տարածաշրջանին մէջ սահմաններու փոփոխութեան, գրած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Ապտոլլահեան նշած է, որ այսօր իրեն ընդունած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Նախարարի խօսքով՝ Ալիեւի հետ հանդիպման ինքը համոզուած է, որ ատրպէյճանական կողմը «հաւատարիմ է» եռակողմ յայտարարութեան իրականացման։ Ապտոլլահեանը աւելցուցած է, որ Ատրպէյճանը կողմ է կապի եւ փոխադրային ուղիներու բացման, որ արտացոլուած է եռակողմ յայտարարութեան մէջ։
«Այս տարածաշրջանը տարանցիկ մեծ ներուժ ունի։ Իրանը կ'աջակցի համագործակցութեան այս նպատակի եւ ներուժի իրացման համար»,- ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը: