image

Իրանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետը ողջունած է տարածաշրջանին մէջ հաստատուելիք խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը

Իրանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետը ողջունած է տարածաշրջանին մէջ հաստատուելիք խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը

Թեհրանի մէջ ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանդիպած է Իրանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ զօրավար-մայոր Սեյէտ Ապտոլրահիմ Մուսաւիի հետ: Այդ մասին յայտնած են անվտանգութեան խորհուրդէն։

Սեյէտ Ապտոլրահիմ Մուսաւին ընդգծած է, որ պատմականօրէն Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները բարի դրացիական ու եղբայրական են: Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարն իր հերթին ընդգծած է ներկայ յարաբերութիւններուն բարձր մակարդակը:

Արմէն Գրիգորեան ներկայացուցած է 8 օգոստոսին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, որուն ծիրէն ներս Մուսաւին ողջունած է տարածաշրջանին մէջ հաստատուելիք խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուած է երկկողմանի համագործակցութեան: