image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի մէջ մահապատիժ 2 մեղադրեալի դէմ

Իրանի մէջ մահապատիժ 2 մեղադրեալի դէմ

Իրանի հարաւային Ֆարս նահանգի դատարանը մահապատիժի դատապարտած է Շիրազ քաղաքի Շահ Չերախի դամբարանին վրայ յարձակման մասնակցած երկու անձ։ Այս մասին յայտարարած է նահանգի գլխաւոր դատախազ Սեյյէտ Քազեմ Մուսաուին, գրած է Ռիա Նովոսթի։

«Շահ Չերախի սրբավայրին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան հետ կապուած գործն ունի երկու կողմ՝ առաջինը կապուած է իրաւապահ մարմիններու անփութութեան ու ոչ արհեստավարժութեան հետ, այս հարցով գործը կը քննուի Ֆարսի ռազմական դատարանին մէջ, երկրորդ կողմը քննուած է դատախազութեան կողմէ, եւ ամբաստանեալներուն մեղադրանք առաջադրուած։ Այս միջադէպի հետ կապուած գլխաւոր ահաբեկիչը ձերբակալուած է նոյն յարձակման գիշերը, հինգ այլ ահաբեկիչներէն երկուքը մահապատիժի դատապարտուած են»,- Մուսաուին մեջբերած է Tasnim-ը։ 

Նշենք, որ 2022-ի հոկտեմբերի վերջին հինգ անյայտ անձեր կրակ բացած էին Շահ Շերախի դամբարանի տարածքը։ Ահաբեկիչներէն մէկը բռնուած էր յարձակման գիշերը։ Աւելի ուշ իրանական լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ յարձակողները Իրանի քաղաքացիներ չեն։ Ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուած էր 13 մարդ, 45-ը՝ վիրաւորուած։