Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի (ԳՀՀԾ) վերականգնման վերաբերեալ ԵՄ առաջարկը վերջնական է։ Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն CNN-ին տուած հարցազրոյցին մէջ։
«Կը կարծեմ, որ գործարքին հնարաւոր է հասնիլ: Մենք գիտենք, որ պէտք է կնքենք այս համաձայնագիրը, բայց նաեւ պէտք է յստակ հասկնալի ըլլայ, որ այդ վերջնական առաջարկն է», -ըսած է ան: Ֆրանսայի ղեկավարի խօսքով՝ «սա կրնայ ողջամիտ եւ դրական համաձայնագիր ըլլալ Իրանի համար, եթէ անոնք առաջադիմական ճանապարհով պայմանաւորուին՝ իրավիճակը կարգաւորելու համար»։
Աւելի վաղ ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել յայտարարած էր, որ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովի 77-րդ նստաշրջանի բարձր մակարդակի շաբթուայ ընթացքին ԳՀՀԾ-ի վերականգնման հնարաւորութեան շուրջ բանակցութիւններուն մէջ առաջընթաց չակնկալուիր։ Անոր խօսքով՝ վերջնական համաձայնագրերու նախագծերը «կը մնան սեղանին»։
«Ես չեմ տեսներ լուծում, որ աւելի լաւ ըլլայ, քան այն, ինչ մենք առաջարկած էինք»,-ըսած է Պորել։ Աւելի վաղ ան նշած էր, որ Իրանի հետ միջուկային համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները փակուղիի մէջ են։
Իրան իր միջուկային ծրագրի աշխուժ զարգացումը սկսած է նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմատի Նեժատի նախագահութեան տարիներուն (2005-2013 թուական)։ Միեւնոյն ժամանակ ՄԱԳԱՏԷ-ն մշտական ստուգումներ սկսած էր Իրանի միջուկային կառոյցներուն մէջ, որ վերջին հաշուով հաստատած է իրանցիներու կողմէ միջուկային զէնքի ստեղծման աշխատանքները։ Այդ ժամանակ, ի պատասխան Իրանի գործողութիւններու, ԱՄՆ-ն ու Եւրոպական երկիրները պատժամիջոցներ սկսան սահմանել Իրանի ֆինանսական հատուածի, ուժանիւթի եւ զինամթերքի արտահանման վրայ։ Որպէս արդիւնք, իրանական տնտեսութիւնն էականօրէն տուժեց։
Իրավիճակը որոշակիօրէն կարգաւորուեցաւ 2015 թուականին՝ Հասան Ռոհանիի կառավարութեան ջանքերու շնորհիւ։ Մեծ Բրիտանիան, Գերմանիան, Չինաստանը, Ռուսիան, ԱՄՆ-ն, Ֆրանսան ու Իրանը կնքեցին Համատեղ համապարփակ գործողութիւններու ծրագիրը։ Թեհրանը սահմանափակեց իր միջուկային ծրագիրը, իսկ անոր վրայէն հանուեցան պատժամիջոցները։ Սակայն 2018 թուականի մայիսին ԱՄՆ-ն դուրս եկաւ գործարքէն եւ վերականգնեց Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցները։ Ի պատասխան Թեհրանը յայտարարեց համաձայնագրի ծիրէն ներս իր պարտաւորութիւններու աստիճանական կրճատման մասին։
Ռուսիա, Մեծ Բրիտանիա, Գերմանիան, Չինաստան, ԱՄՆ եւ Ֆրանսա անցեալ տարուայ ապրիլէն Վիեննայի մէջ բանակցութիւններ կը վարեն Իրանի հետ՝ ԳՀՀԾ-ն իր սկզբնական տեսքով վերականգնելու համար։ Աւստրիոյ մայրաքաղաքին մէջ բանակցութիւններու մի քանի փուլերու շնորհիւ կողմերուն ներկայացուած է վերջնական պայմանաւորուածութիւններու բնագիրը։ Վիեննայի մէջ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան մշտական ներկայացուցիչ Միխայիլ Ուլիանով նշած է, որ այս փաստաթուղթը կը վաւերացուի եւ ուժի մէջ կը մտնէ, եթէ բոլոր մասնակիցները առարկութիւններ չունենան անոր բովանդակութեան վերաբերեալ։