Իրանի յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ կարեւոր են, մեզի համար շատ կարեւոր է Հարաւային Կովկասը. այս մասին ճեպազրոյցին ըսած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Էսմաիլ Պաղաին։
«Մենք կ՚օգտագործենք բոլոր հնարաւորութիւններն ու կարողութիւնները այս տարածաշրջանին մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու համար», -ընդգծած է ան։
Պաղաին նաեւ անդրադարձած է Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիանի վերջին այցերուն ՀՀ եւ Ատրպէյճան՝ ընդգծելով, որ ատոնք նախապէս ծրագրուած եղած են։
«Մենք կը կարծենք, որ անվտանգութիւնն այս տարածաշրջանին մէջ պէտք է ապահովեն տարածաշրջանի երկիրները՝ առանց այլ երկիրներու միջամտութեան», -աւելցուցած է ան։