image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի առաջնորդները կ՚ուզեն բանակցիլ, սակայն հնարաւոր է, որ մենք ստիպուած ըլլանք գործել մինչ հանդիպումը․ Թրամփ

Իրանի առաջնորդները կ՚ուզեն բանակցիլ, սակայն հնարաւոր է, որ մենք ստիպուած ըլլանք գործել մինչ հանդիպումը․ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, որ Իրանի ղեկավարութիւնը բանակցութիւններու խնդրանքով դիմած է իրեն: Սպիտակ տան ղեկավարը համապատասխան յայտարարութիւնն ըրած է կիրակի՝ յունուար 11-ին, Air Force One օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին։ Այս մասին կը հաղորդէ է dw.com-ը։

«Իրանի առաջնորդները զանգած են»,-նշած է Թրամփը՝ աւելցնելով, որ «հանդիպումը կը կազմակերպուի»։

«Անոնք կ՚ուզեն բանակցիլ»,-աւելացուցած է ան: Սակայն «հնարաւոր է, որ մենք ստիպուած ըլլանք գործել մինչ հանդիպումը»,-ըսած է Տանըլտ Թրամփը՝ չյստակեցնելով մանրամասնութիւնները:

Թեհրանի մէջ դեռ չեն մեկնաբանած Միացեալ Նահանգներու նախագահի յայտարարութիւնները: