Իրանն այսօր ուղարկած է իր պատասխանը Եւրոպական Միութեան կողմէ առաջարկուած միջուկային համաձայնագրի վերջին տարբերակին եւ ճկունութիւն դրսեւորելու կոչ ըրած է ամերիկեան կողմին: Այս մասին յայտնած է IRNA գործակալութիւնը։
Ըստ իրանցի բանակցողներու՝ տարաձայնութիւններ կան երեք հարցերու շուրջ, որոնցմէ երկուքը բանաւոր կերպով ընդունուած են Ուաշինկթընի կողմէ, սակայն Իրանը կը պնդէ, որ ատոնք ընդգրկուին համաձանագրին մէջ։
Վերջնական պատասխանն ուղարկելէ առաջ երէկ երեկոյեան Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի նիստ գումարուած է։ Իրանի բանակցող խումբի խորհրդական Մոհամմատ Մարանտին Twitter-ի իր էջին գրած է, որ հնարաւոր գործարքն աւելի մօտ է, քան երբեւէ։
ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայս յայտնած է, որ Ուաշինկթըն պիտի ուղարկէ իր պատասխանը ԵՄ-ին եւ պատրաստ է կեանքի կոչել «Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագիրը», եթէ Իրան ընէ նոյնը։
Յիշեցնենք՝ 2018-ին այն ժամանակ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ միակողմանիօրէն դուրս եկած էր Իրանի եւ 6 երկիրներու միջեւ 2015-ին կնքուած միջուկային համաձայնագրէն եւ վերականգնած էր Թեհրանի նկատմամբ խիստ պատժամիջոցները։ Ի պատասխան՝ Իրանը վերսկսած էր ուրանի հարստացումը։