ԻՐԱՆԻ ՀԱՄԱՐ «ԿՈՐԻԶԱՅԻՆ ՏԷՐՈՒԹԻՒՆ» ԴԱՌՆԱԼՈՒ ՓԱՓԱՔԸ ՄԱՀԱՔՈՒՆԻ ԱՆՑԱՒ
Հպանցիկ ակնարկով մը կարելի է ըսել, որ գրեթէ երկու շաբաթ տեւած Իսրայէլ-Իրան պատերազմը հասած է իր «տրամաբանական» աւարտին։ Բոլոր կողմերը ինչ որ չափով «գոհ» են եղած արդիւնքներէն ու ամէնէն աւելի ինքզինք երջանիկ կը զգայ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը, որ ոչ միայն Իրանը հարուածելու հրաման արձակեց, այլ կարողացաւ շատ կարճ միջոցի մը մէջ հրադադար մը հաստատել եւ կողմերը համոզել ու կերպով մըն ալ «ստիպել» որ դադրեցնեն հակադարձ հրթիռակոծութիւնները։
Ի դէպ խորքային հարցը, որ գոյութիւն եւ կշիռ ունի Իսրայէլ-Իրան հակակրանքին, հետեւաբար նաեւ հակամարտութեան մէջ Իրանի կորիզային զէնքի մը տիրանալու հարցն է։
Ու երկար ժամանակով , թէ Եւրոպական Միութիւնը եւ թէ ալ ԱՄՆ բաւականին խճճուած ու դժուարին բանակցութիւններ վարած են Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ, որպէսզի վերջինս վճռէ եւ փաստէ, որ Իրանը կարիք չունի կորիզային զէնքի ու անոր կատարած մշակումները առնչուած են միայն ու միայն հասարակութեան համար պիտանի ներուժ ստեղծելու միտուած գործընթացներուն հետ։
Իսրայէլ, որն առաջին օրէն «կը հայցէր» ԱՄՆ-ի օգնութիւնը,որպէս վերջինս տայ իր «մահացու հարուած»ը Իրանի կորիզային կեդրոններուն վերջին ի վերջոյ հասաւ իր նպատակին։
ԱՄՆ անցեալ կիրակի արեւծագին (22 Յունիս) շատ դիպուկ եւ թիրախային հարուածներ կու տար Իրանի «Կորիզային» երեք գլխաւոր կայաններուն՝ Արագ, Նաթանզ եւ Ֆորտու։
Այս ընելով ԱՄՆ նախագահ Թրամփ, ոչ միայն յոխորանքով արտայայտուեցաւ այլ աւելի հեռու երթալով յայտարարեց, որ Իրանի «Կորիզային երազ»ը ի ջիք դարձած է։
Մինչ այդ Իսրայէլի օդուժը մահացու հարուածներ տուած է Իրանի ռազմական ու նաեւ միջուկային նիւթերու եւ ուրանի հարստացման խնդրով երեւելի գիտնականներու։
Մէկ խօսքով մի քանի օրերու ընթացքին Իսրայէլ կարողացաւ ի չիք դարձնել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մեծագոյն ներուժը, որ արդիւնք էր երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքի։
Ճիշդ է, որ Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Այաթոլլա Ալի Խամէնիին, որ օրերս հանդէս կու գար պատկերասփռուած ու նախապէս նկարահանուած ուղերձով մը կը շարունակէր խօսիլ բաւականին «կարծր դիրքեր»է, ցոյց տալու համար նախ իր հասարակութեան (դիմադիր կամ հակառակը), ու ապա Եւրոպական համայնքին, բայց մանաւանդ ԱՄՆ-ին ու Իսրայէլին, որ Իրանն տակաւին ուժեղ է ու պիտի կարողանայ (նոյնիսկ ի գին մեծ կորուստներու) դիմագրաւել այս դժուարութիւնները ու կերպով մըն ալ այս վիճակներէն դուրս գալ յաղթողի դիրքերով։ Թէ ինչքանով եւ ինչ չափով Այաթոլլայի խօսքը եւ «Իրանը դեռ ուժեղ է» ըսելը կը համապատասխանեն իրականութեան ցարդ պարզ չէ, սակայն բոլորին համար յստակ է, որ պատերազամական գործողութիւններէն շաբաթ մը անց Իրանը սկսած է «ուշքի գալ» եւ Իսրայէլին տալ «ցաւցնող» հարուածներ։
Ի՞նչ կը փոխեն այդ հարուածները պատերազմի ընդհանուր տրամաբանութեան մէջ, դեռ վաղ է ըսելը, սակայն փաստը, որ Իսրայէլն ու իսրայէլացիք յայտնուած են մտահոգուածի դիրքերուն մէջ ամենավառ ապացոյցն է, որ ոչ Իսրայէլի հասարակութիւնը, ոչ Իսրայէլի կառավարութիւնը եւ ոչ ալ Իսրայէլի առաջնորդ Բէնիամին Նաթանիահուն պատրաստ էին իրանեան այս հակահարուածներուն։
Հիմա արդէն պատերազմը աւարտած է։ ԱՄՆ-ի կողմէ առաջարկուած հրադադարը կը շարունակէ գոյատեւել, այդպիսով ալ աւելի կայուն տարածաշրջան մը ունենալու աւելիով դարձնելով մերձ՝ իրականութեան։
Աշխարհը հեռացաւ «Կորիզային Իրան» մը ունենալով դրոյթէն, որն ինքնին իր մէջ կը պարունակէ մեծ բաղադրիչներ ունեցող եւ նոր արկածախնդրութիւններու «ճանապարհ» բացող հանգամանքներ։ Միւս կողմէ պարզորոշ է արդէն, որ Իրան-Իսրայէլ խորքային հակամարտութիւնը պիտի շարունակուի այլ ճակատներու վրայ եւ այլ ձեւաչափերով։
Իսրայէլ պիտի փորձէ ամէն գնով ուժեղացնել իր «ներքին պաշտպանութիւն»ը եւ միաւորի վերածել այն բոլոր «ձեռքբերումները», որոնք տեղի ունեցան Իրանը հարուածելու ժամանակ, միւս կողմէ ալ Իսրայէլի վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահուն տասը եւ աւելի օրեր տեւած պատերազմը «աշխարհին պիտի ծախէ», որպէս «փրկագործութիւն» եւ մեծ յաղթանակ։
Յստակ է անշուշտ, որ եղած պատերազմի մեծ «ագորտ»ը եւ վերջնագոյն խազը կը պատկանի ամերիկացիներուն, առանց որոնց անմիջական նեցուկ Իսրայէլ կրնար յայտնուիլ բարդ վիճակներու առջեւ։
Ինչ կը վերաբերի Իրանին ապա յստակ է,որ Իրան եւս նոր ձեւաչափով առաջ պիտի տանի իր «խաղ»ը։ Նախ պիտի վերակազմակերպէ իր ներքին ուժը, վերակառուցէ ու համալրէ անվտանգային գործօն հանդիսացող զինուորական մարմինները, ու մշակէ նոր ռազմավարութիւն։
Ինչքանով «կապուած» է Իրան իր «Կորիզային պետութիւն» դառնալու ընտրանքին տակաւին պարզ չէ, սակայն յստակ է, որ կրօնական շունչով եւ հաւատալիքներու վրայ վրայ կերտուած Իրանի նման պետութիւն մը կարիքն ունի «հեռուն գացող» մեծ ծրագիրներու եւ «երազներ»ու, ինչքանով ալ այդ երազները կամ իղձերը համարուին վտանգաւոր եւ «արկածախդրական»։
Ի դէպ Իսրայէլ-Իրան առճակատման մասին օրերս ուշագրաւ գրառում մը կատարած է Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Կորիզային անվտանգութեան մասնագէտ եւ համալասարանի դասախօս՝ Արեգ Տանագուլեան։
Վերջինս մասնաւորապէս գրած է, թէ երկար տարիներու ընթացքին Իրան կարեւոր առիթներ ունէր դուրս գալու «ռիսքային գօտի»էն եւ բանակցութեանց ճամբով լեզու գտնելու հաւաքական Արեւմուտքին, բայց մանաւանդ Միացեալ Նահանգներուն հետ։
«Իսրայէլ պատերազմ սկսած է Իրանի դէմ։ Վերջին 6-8 ժամերուն ընթացքին, Իսրայէլը շարք մը ծանր օդային հարուածներ տուած է Իրանի միջուկային եւ ռազմական կեդրոններուն։ Ըստ Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեան՝Մոսատի, Իրանի մէջ տեղի ունեցած են շարք մը խափանարար գործողութիւններ՝ միջուկային հիմնարկները պաշտպանող հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) համակարգերուն դէմ, որ թոյլ կու տան Իսրայէլին, որ յառաջիկայ քանի մը օրերու ընթացքին անպատժելիօրէն հարուածէ տարբեր իրանեան թիրախներ։
Առայժմ յայտնի է հետեւեալը.
- Օդային հարուածներու ենթարկուած է իրանեան Նաթանզ միջուկային կառոյցը, ուր կը կատարուի ուրանի հարստացում՝ միջուկային զէնքի համար
-Տեղեկութիւններ կան խափանարար գործողութիւններու հետեւանքով սպաննուած շարք մը բարձրաստիճան միջուկային գիտնականներու մասին
-Ըստ իրանեան աղբիւրներու՝ սպաննուած է Իրանի «Յեղափոխական պահակագունդ»ի առաջնորդը՝ հրամանատար զօրավար Հիւսէյն Սալամին
-Թիրախաւորուած են նաեւ շարք մը այլ միջուկային կառոյցներ
-ԱՄՆ յայտարարած է, թէ ինք չէ մասնակցած այս գործողութիւններուն, եւ որ Իսրայէլ գործած է ինքնուրոյն։
Ի՞նչ կը կատարուի։
Իրանի առճակատումը Արեւմուտքի եւ Իսրայէլի հետ՝ միջուկային հարցի շուրջ, արդէն 2006 թուականէն ի վեր ճգնաժամային բնոյթ ստացած է։ Այսինքն՝ այսօրուան ռազմական գործողութիւնները, փաստօրէն, համարեայ 20 տարի տեւած դիւանագիտական ջանքերու ձախողման հետեւանք են։
Բայց ինչու՞:
Իրանը սկսած է իր միջուկային զէնքի ծրագիրը դեռ Շահ Մոհամմատ Ռեզա Փեհլաւիի օրօք, նախքան 1979 թուականի իսլամական յեղափոխութիւնը։ Բաւական երկար ժամանակ այաթոլլաները «սառեցուցած» էին այս ծրագիրը՝ միջուկային զէնքը յայտարարելով որպէս «հարամ»։ Բայց այս մօտեցումը փոխուած է նախ 1986-ին, երբ պարզուած էր, որ Սատտամ Հիւսէյնը՝ Իրանի թիւ մէկ թշնամին, կը մշակէր զանգուածային ոչնչացման զէնքեր (քիմիական, կենսաբանական եւ միջուկային)։ Ծրագիրը դարձեալ սառեցուած էր 2003-ին՝ Սատտամի տապալումէն ետք։ Սակայն 2005-ին Իրանի նախագահի պաշտօնին ընտրուած Մահմուտ Ահմատինեճատը այն վերսկսած էր 2006-ին։
Իսրայէլ Իրանը միշտ դիտարկած է որպէս իր թիւ մէկ գոյաբանական սպառնալիքը (հաշուի առնելով, որ Իրան կրնայ տիրանալ միջուկային զէնքի) , յայտարարելով, որ երբեք պիտի չհանդուրժէ միջուկային Իրան (նշեմ, որ Իսրայէլը ունի մօտաւորապէս 100-200 միջուկային գլուխ ունեցող հրթիռ , եւ անձամբ ես կը կարծեմ, որ այս «գոյաբանականութեան» հարցը քիչ մը չափազանցուած է)։
Վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին Իրան մեծ առաջընթաց գրանցած էր՝ «մօտենալով» արդէն պատրաստ զէնքի մակարդակին։ Ըստ որոշ տուեալներու այսօր Իրանը ունի (կամ թերեւս ունէր՝ նախքան յարձակումները) առնուազն քանի մը միաւոր միջուկային զէնքի համար պիտանի ուրան։ Երէկ Միջազգային Միջուկային Ուժանիւթի Գործակալութիւնը (IAEA, ՄԱԳԱՏԷ) յայտարարած էր, որ Իրանը ակնյայտօրէն խախտած է իր միջազգային պայմանագրային պարտաւորութիւնները։
Տեսնելով, որ Իրան արդէն միջուկայնացման եզրին է, Իսրայէլը, ըստ երեւոյթին, եկած է այն եզրայանգման, որ՝ «կամ հիմա, կամ երբեք»։ Եթէ Իրանը յաջողէր ստեղծել միջուկային զէնք եւ կարենար զայն հասցնել թիրախին, ապա ան ուժային միջամտութիւններէ լիովին պաշտպանուած պիտի դառնար։
Իրան կրօնապետութիւն է, ուր կ՚իշխեն միջնադարեան սկզբունքներով առաջնորդուող ուժեր։ Ինծի համար մէկ բան յստակ է․ Իսրայէլի յաջողութիւնը միայն իր ռազմական եւ ռազմատեխնիկական գերիշխանութեան արդիւնք չէ։ Այն, որ Մոսատը այդքան ազատ կը գործէ Իրանի տարածքին մէջ, կը վկայէ, որ Իրանի մէջ կան մեծաթիւ ուժեր, որոնք դէմ են այաթոլլաներուն ու մոլլաներուն (մէկ խօսքով կրօնապետութեան) , եւ պատրաստ են օգնելու Իսրայէլին՝ զանոնք իշխանութենէն հեռացնելու գործին մէջ։ Իրան չափազանց տկար երկիր է, որ ներքուստ կը պառակտուի իր բռնատիրական համակարգի պատճառով։
Իրան ստացաւ այն, ինչ պիտի ստանար իր յարձակողական եւ ծայրայեղական կեցուածքին հետեւանքով։ Խաղաղութեան հասնելու շատ առիթներ եղան, սակայն Իրանի կրօնական վերնախաւը մերժեց զանոնք եւ ընտրեց առճակատման ուղին»։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս