image

Իրան-Չինաստան նոր փուլ

Իրան-Չինաստան նոր փուլ

Չինաստանի պետական խորհրդական եւ արտաքին գործոց նախարար Ուան Ին նշած է, որ Չինաստանը, դէմ ըլլալով միակողմանիութեան եւ վախցնող պահուածքին, պատրաստ է աշխատելու Իրանի հետ։ Այս մասին գրած է իրանական Tehran Times թերթը՝ նշելով, որ Ուան Ինը հեռախօսազրոյց ունեցած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մոհամատ Ժաուատ Զարիֆի հետ։

Ուան Ինը նշած է, որ հեռացող նախագահ Հասան Ռոհանին վերջին 8 տարուան ընթացքին դրական ներդրում ունեցած է 2 երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման մէջ եւ աւելցուցած, որ Չինաստանը պիտի շարունակէ ամրապնդել հաղորդակցութիւնն ու համագործակցութիւնը նորընտիր նախագահ Էպրահիմ Ռաիսիի օրօք Իրանի նոր կառավարութեան հետ։

«Չինաստանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Իրանին` երկրի հիմնական շահերը ներառող հարցերուն մէջ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար, եւ ազգային ինքնիշխանութիւնը եւ ազգային արժանապատուութիւնը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ իր ազգային պայմաններուն համապատասխան ուղի ընտրելու հարցով պիտի շարունակէ աջակցիլ Իրանին», -ըսած է ԱԳ նախարարը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը, իր հերթին, շնորհակալութիւն յայտնած է Չինաստանին՝ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին մէջ Իրանին տրուած պատուաստանիւթերու համար եւ՝ համագործակցութիւնը ամրապնդելու յոյս յայտնած:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ Աֆղանիստանի մէջ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ: