image

Ինչն է կարեւոր Ուքրանիոյ մէջ. ԱՄՆ-ի համար առաջին դիրքը կը զբաղեցնէ տիտանիումը

 Ինչն է  կարեւոր Ուքրանիոյ մէջ.  ԱՄՆ-ի համար  առաջին դիրքը կը զբաղեցնէ   տիտանիումը

«Եթէ Ուքրանիան յաղթէ Ռուսիոյ դէմ պատերազմին, ուրեմն Միացեալ Նահանգներն ու իր դաշնակիցները առաջինը պիտի ըլլան ստեղծելու տիտանի նոր ուղի մը, իսկ եթէ Ռուսիան յաջողեցաւ գրաւել Ուքրանիոյ հանքավայրերն ու գործարանները, ուրեմն Մոսկուան պիտի ուժեղացնէ իր համաշխարհային ազդեցութիւնը ռազմավարական միջոցներուն վրայ»,- շեշտած է Newsweek-ը:

Ամերիկեան Newsweek-էն կը կարդանք, թէ  Ուաշինկթըն կը ձգտի  վերահսկել ուքրանական տիտան  (Titanium)    նիւթը  պաշարները։  

Ըստ Newsweek-ին  Միացեալ Նահանգները եւ իր դաշնակիցները կ'ուզեն օգտագործել եւ զարգացնել Ուքրանիոյ արտադրած տիտան մետաղը, եթէ յաղթեն Ռուսիոյ դէմ պատերազմին։

Պարբերականը նշած է, թէ «Միացեալ Նահանգներն ու իր դաշնակից երկիրները ջանքեր կը գործադրեն որոշելու, զարգացնելու եւ օգտագործելու Ուքրանիոյ հսկայական պաշարները, ի մասնաւորի տիտան կարեւոր մետաղը, որպէսզի առաջ տանին Արեւմուտքի ամէնէն առաջադէմ ռազմական արհեստագիտութիւնը, որ ապագային պիտի կազմէ ողնաշարը Ռուսիոյ եւ Չինաստանի դէմ օգտագործուելիք վահանին»:

Ամերիկեան պարբերականը նշած է նաեւ, թէ «Տիտանը թեթեւ, բայց զօրաւոր մետաղ է. անիկա լայնօրէն կ'օգտագործուի ռազմական ծանր զրահատեսակներուն մէջ, ինչպէս՝ մարտական օդանաւերը, ուղղաթիռները, ռազմական նաւերը, հրասայլերը, հեռահար հրթիռները եւ այլն»:

«Եթէ Ուքրանիան յաղթէ Ռուսիոյ դէմ պատերազմին, ուրեմն Միացեալ Նահանգներն ու իր դաշնակիցները առաջինը պիտի ըլլան ստեղծելու տիտանի նոր ուղի մը, իսկ եթէ Ռուսիան յաջողեցաւ գրաւել Ուքրանիոյ հանքավայրերն ու գործարանները, ուրեմն Մոսկուան պիտի ուժեղացնէ իր համաշխարհային ազդեցութիւնը ռազմավարական միջոցներուն վրայ»,- շեշտած է Newsweek-ը:

Միացեալ Նահանգները մինչեւ օրս իր երկաթի հանքաքարի աւելի քան 90%-ը կը ներածէ բարեկամ երկիրներէ։ Ուքրանիան կը համարուի այն եօթ երկիրներէն մէկը, ներառեալ Չինաստանն ու Ռուսիան, որ կ'արտադրէ տիտան մետաղի հիմքը հանդիսացող սպունգը:

Պարբերականը մատնանշած է նաեւ, որ «Մոսկուայի սպառազինութիւնը ուժանիւթային միջոցներով մտահոգած է մայրաքաղաք Ուաշինկթնն ու ՆԱԹՕ-ի այլ մայրաքաղաքները, այն առումով, որ Քրեմլին կրնայ օր մը դադրեցնել տիտանի արտածումը, ինչ որ կրնայ մատնել օդանաւային ու պաշտպանութեան ընկերութիւնները ծանր դրութեան:

Newsweek-ը վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու պաշտպանական արդիւնաբերութեան ծանօթ աղբիւրի մը խօսքերը, հաղորդած է, որ տիտանը «կը համարուի գլխաւոր թոյլ կէտ, նկատի առնելով, որ այն կը ներկայացնէ Ամերիկայի աւելիով արտադրելու կարողութիւնը օդանաւեր եւ զինամթերք»:

Իսկ իր կարգին Direct Industry News-ը նշած է, որ «Ուքրանիոյ պատերազմը ոչ միայն իր ազդեցութիւնը ձգած է կազամատակարարման վրայ, այլ նաեւ Ռուսիայէն եւ Ուքրանիայէն լիթոնի (lithium) եւ տիտանի մատակարարման վրայ»։

 

Նիւթը թարգմանաբար ՝«Ալ Մայատին»էն։