«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Ռաֆֆի Յովհաննիսեան, որ օրեր առաջ Երեւան վերադարձաւ, կը պատրաստուի աքթիւ ներկայութիւն ըլլալ ընդդիմադիր սահմանադրական բարեփոխումներուն դէմ հանդէս եկող «Նոր Հայաստան» նախաձեռնութեան յառաջիկայ գործունէութեանց ծիրին մէջ: Յովհաննիսեան երէկ, լրագրողներուն խօսելով, կոչ ըրած է ընդդիմադիր շրջանակներուն անցեալի սխալները ներել եւ համախմբուիլ յառաջիկայի պայքարը առաջ տանելու: «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդը, նաեւ որոշ մտավախութիւններ յայտնած է օրեր առաջ զինեալ յանցախումբին բացայայտման դէպքին առընթեր` մեղադրելով իշխանութիւնները, որ նման գործերով կը փորձեն վախի մթնոլորտ սփռել քաղաքացիներուն մօտ: Յիշեցնենք, որ Յովհաննիսեան վաղը պիտի ըլլայ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի տնօրէն Հրայր Թամրազեանի «Կիրակնօրեայ վերլուծականը Թամրազեանի հետ» յայտագրին հիւրը եւ այս առումով կը սպասուի, որ ան վճռորոշ խօսքով հանդէս գայ: