image

Ի՞նչ Պիտի Ըսէ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը Վաղը

Ի՞նչ Պիտի Ըսէ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը  Վաղը

«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան  առաջնորդ Ռաֆֆի Յովհաննիսեան, որ օրեր առաջ  Երեւան  վերադարձաւ,   կը պատրաստուի    աքթիւ ներկայութիւն ըլլալ    ընդդիմադիր սահմանադրական  բարեփոխումներուն  դէմ հանդէս  եկող «Նոր Հայաստան» նախաձեռնութեան  յառաջիկայ  գործունէութեանց  ծիրին  մէջ: Յովհաննիսեան  երէկ,  լրագրողներուն խօսելով, կոչ ըրած է  ընդդիմադիր  շրջանակներուն անցեալի սխալները   ներել  եւ համախմբուիլ  յառաջիկայի   պայքարը առաջ տանելու: «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդը, նաեւ որոշ  մտավախութիւններ յայտնած է    օրեր առաջ զինեալ յանցախումբին  բացայայտման   դէպքին առընթեր`  մեղադրելով իշխանութիւնները, որ նման   գործերով կը փորձեն վախի   մթնոլորտ սփռել   քաղաքացիներուն մօտ: Յիշեցնենք, որ  Յովհաննիսեան  վաղը  պիտի ըլլայ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի տնօրէն   Հրայր Թամրազեանի «Կիրակնօրեայ վերլուծականը Թամրազեանի հետ»  յայտագրին  հիւրը  եւ  այս առումով կը սպասուի, որ  ան   վճռորոշ խօսքով  հանդէս  գայ: