image

Ի՞նչ կը կատարուի Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ. Շրջանը մեծ թափով դէպի թրքացո՞ւմ

Ի՞նչ կը կատարուի Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ. Շրջանը մեծ թափով դէպի թրքացո՞ւմ

Սուրիոյ հիւսիսային  շրջաններէն  ներս թրքական ոտնձգութիւնները կը շարունակուին: Անգարա ամէն ինչ կ՚ընէ, որ այդ շրջաններուն մէջ թրքացման գործընթացները ընթանան խորքային եւ «ապահով» կերպով։

Սուրիական հիւսիսին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն մասին լուրեր կը հրապարակեն արաբական մամուլի մէկէ աւելի ներկայացուցիչներ, որոնք մատնացոյց կ՚ընեն Թուրքիոյ նախագահին կողմէ կատարուած ուղղակի միջամտութիւնները։

Այս առումով «Արեւելք»  ուշագրաւ տեղեկութիւններ քաղեց «Ալ Շարք ալ աուսաթ» պարբերականէն, որ կը հաղորդէր, թէ Թուրքիա օրերս Հալէպի Ալ Ռահի գիւղաքաղաքին մէջ պիտի հիմնէ առողջապահական գիտութիւններու հիմնարկ մը, որ ենթակայ պիտի ըլլայ Իսթանպուլի առողջապահական գիտութիւններու թրքական համալսարանին: Կը նշուի նաեւ, որ հրամանագիրը հրապարակուած է Թուրքիա լոյս տեսնող պաշտօնական թերթերուն մէջ։ Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ այս առաջին նախադէպն է, հրամանագիրը առաջինն է իր տեսակին մէջ, որ Հիւսիսային Սուրիոյ վերաբերեալ յանձարարութիւններ կու տայ Թուրքիոյ կրթական եւ առողջապահական գերատեսչութիւններուն։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ 24 օգոստոս 2016-ին սկիզբ առած «Եփրատեան վահան» կոչուող գործողութեան հետեւանքով, թրքական իշխանութիւնները իրենց հսկողութեան տակ առած են Հալէպ նահանգի հիւսիսային շրջանէն 2055 քիլոմեթր քառակուսի տարածք, ուր տեղակայուած են բացի թրքական զինուած ուժերէն թրքամէտ զինեալներ: Այդ յարձակումներուն յաջորդած են երկու ներխուժումներ 2018-ին՝ Աֆրին եւ 2019-ին՝ Ռաքքայի Թէլ Ապյատ եւ Արաբունար քաղաքներ, որոնք կը գտնուէին «Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերու» հսկողութեան տակ:

Թրքական իշխանութիւնները, սուրիացի փախստականներուն օժանդակելու խորագրին տակ անմիջապէս սկսած են հիմնել նամակատուն, դպրոցներ, ուր ներառուած է թրքերէն լեզուն, ինչպէս նաեւ կրթական հիմնարկներ: Այս տարածքներուն մէջ կ'օգտագործուի թրքական լիրան:

Ի դէպ Թէլ Ապիատի մէջ Ուրֆայի նահանգապետի ձեռամբ հիմքը դրուած է ծննդաբերական հիւանդանոցի մը, իսկ 13 յունուարին բացուած են նորածիններու յատուկ բժշկական կեդրոններ: Թուրքիան կը շարունակէ տարբեր ոլորտներու մէջ ալ բարեփոխումներ կատարել ինչպէս երթեւեկութեան, կրթութեան, անվտանգութեան, առողջապահութեան եւ ենթակառուցուածքներու:

 Հաղորդենք նաեւ, որ հակառակ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած միջամտութիւններուն շրջանին մէջ տեղակայուած քրտական զօրամիաւորումներ կը շարունակեն դիմադրական իրենց պայքարը եւ այդ առումով ալ ամէնօրեայ դրութեամբ տարբեր մակարդակի բախումներ կը գրանցուին Սուրիոյ հիւսիսի ամբողջ երկայնքով։

 Սուրիացիներու մեծ տոկոսը համոզուած է, որ այդ շրջաններուն մէջ վերջնական անդորրն ու խաղաղութիւնը կարելի պիտի ըլլայ հաստատել միմիայն սուրիական բանակի ձեռամբ եւ ամբողջական տիրապետութեամբ, որմէ ետք ալ բնականաբար Անգարա պիտի հեռանայ այդ շրջաններէն, վերջ մը տալով իր ծաւալապաշտական դատապարտելի ծրագիրներուն։