Ամերիկեան ուժերը լքած են Սուրիոյ հարաւը գտնուող Ալ Թանֆ ռազմակայանը, որ կը գտնուի Յորդանանի եւ Իրաքի սահմաններու մօտ, ու տեղափոխուած են Յորդանանի տարածք։ Այդ մասին յայտնած է AFP-ն՝ յղում ընելով սուրիական երկու ռազմական աղբիւրի։
Անոնց խօսքով՝ զօրքերու դուրսբերումն աւարտած է, ամերիկեան կողմն ալ վերջին 15 օրուան ընթացքին դուրս բերած է սարքաւորումները։ Աղբիւր մը պարզաբանած է, որ սուրիական ստորաբաժանումներն արդէն սկսած են տեղակայուիլ ռազմակայանին մէջ:
Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է, որ բանակի ստորաբաժանումներն ամերիկեան կողմի հետ համակարգուած վերահսկողութեան տակ վերցուցած են Ալ Թանֆ ռազմակայանը: Ըստ տեղեկութիւններու՝ ԱՄՆ զինուած ուժերը մտադիր են շարունակել համակարգումը Յորդանանէն։
Մինչեւ վերջերս ամերիկեան զինուժը տեղակայուած էր Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը, որ կը վերահսկէին քրտական կազմաւորումները, ինչպէս նաեւ Ալ Թանֆ ռազմակայանին մէջ, որ առանցքային դեր կը խաղար միջազգային դաշինքի գործողութիւններուն մէջ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարին մէջ: Կայանը ստեղծուած է 2014 թուականին՝ որպէս «Իսլամական պետութեան» դէմ միջազգային դաշինքի գործողութիւններու հիմնական կեդրոն։