image

Ի՞նչպէս փրկել Արցախը

Ի՞նչպէս  փրկել Արցախը

 Որպէս Ռուսական Դաշնութեան մասնիկ, շատ լաւ ալ կը ծաղկի Արցախը: ԼՂԻՄ-ի սահմաններով, կը յուսանք...

 

 Տեղի ունեցածը, ձեւով մը, բնական է:

 Նախկին վիճակն էր որ անսովոր էր, արտակարգ եւ զարմանալի, Հայութեան համար:

 Հայաստանցիներու մեծ հատուած մը, ուղղակի կ'ատեն Արցախը եւ արցախցիները: Բառին տառացի իմաստով՝ կ'ատեն:

 Իսկ աւանդական Սփիւռքի մէջ ալ կան հայեր որոնք, յանուն - ըստ իրենց - «բանականութեան», անխուսափելի կը համարեն Արցախի կորուստը: Այդ նոյները, սկիզբէն արդէն, դէմ էին անոր ազատագրման իսկ: Ասոնք ալ համոզուած են թէ առանց Արցախի «բեռին», Հայաստանը կը կարողանայ ոտքի կանգնիլ:

 Իսկ այս ամէնուն դիմաց, Հայաստանի մէջ, ազգային կարծեցեալ «ուժերու» վիճակը՝ լրիւ խղճալի է: Ամօթալի: Այս մէկն է, իմ միմիակ զարմանքս: Ես ալ, այս գետնի վրայ է որ խաբուեցայ: Չէի կարծեր որ այդքան տկար, անզօր եւ փխրուն են, ազգային շրջանակները, հայկական հողի վրայ:

 Որպէս Ռուսական Դաշնութեան մասնիկ, շատ լաւ ալ կը ծաղկի Արցախը: ԼՂԻՄի սահմաններով, կը յուսանք...

 Միայն թէ, պէտք է որ հանդուրժենք որոշ գոյակցութիւն մը այդտեղ, թուրք բնակիչներու հետ: Ռուս ոստիկանների վերահսկողութեամբ:

 Ոչինչէն լաւ է՜, եալլա:

 Եւ՝ ոչ, պարապ տեղը չմեռան տղաքը: Առանց իրենց հերոսական նահատակութեան, այսքանն ալ չէինք կարողանար փրկել բացարձակ Ունայնութենէն:

 

 Հայդուկ Շամլեան 

 

Հայդուկ Շամլեան

Հայդուկ Շամլեան

Հայդուկ Շամլեան ծնած է Լիբանան: Անունը իրեն շ...