Որպէս Ռուսական Դաշնութեան մասնիկ, շատ լաւ ալ կը ծաղկի Արցախը: ԼՂԻՄ-ի սահմաններով, կը յուսանք...
Տեղի ունեցածը, ձեւով մը, բնական է:
Նախկին վիճակն էր որ անսովոր էր, արտակարգ եւ զարմանալի, Հայութեան համար:
Հայաստանցիներու մեծ հատուած մը, ուղղակի կ'ատեն Արցախը եւ արցախցիները: Բառին տառացի իմաստով՝ կ'ատեն:
Իսկ աւանդական Սփիւռքի մէջ ալ կան հայեր որոնք, յանուն - ըստ իրենց - «բանականութեան», անխուսափելի կը համարեն Արցախի կորուստը: Այդ նոյները, սկիզբէն արդէն, դէմ էին անոր ազատագրման իսկ: Ասոնք ալ համոզուած են թէ առանց Արցախի «բեռին», Հայաստանը կը կարողանայ ոտքի կանգնիլ:
Իսկ այս ամէնուն դիմաց, Հայաստանի մէջ, ազգային կարծեցեալ «ուժերու» վիճակը՝ լրիւ խղճալի է: Ամօթալի: Այս մէկն է, իմ միմիակ զարմանքս: Ես ալ, այս գետնի վրայ է որ խաբուեցայ: Չէի կարծեր որ այդքան տկար, անզօր եւ փխրուն են, ազգային շրջանակները, հայկական հողի վրայ:
Որպէս Ռուսական Դաշնութեան մասնիկ, շատ լաւ ալ կը ծաղկի Արցախը: ԼՂԻՄի սահմաններով, կը յուսանք...
Միայն թէ, պէտք է որ հանդուրժենք որոշ գոյակցութիւն մը այդտեղ, թուրք բնակիչներու հետ: Ռուս ոստիկանների վերահսկողութեամբ:
Ոչինչէն լաւ է՜, եալլա:
Հայդուկ Շամլեան