Կազմակերպութեամբ՝ ՀՅԴ ԼԵՄ-ին (Լիբանանի երիտասարդական միութիւն) լիբանանահայ երիտասարդներ քիչ առաջ բողոքի հաւաք մը կատարած են Լիբանանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը մասնաւորապէս հաղորդեց, որ տասնեակ երիտասարդներ իրենց ձեռքերուն ունենալով Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի թշնամի Ատրպէյճանը դատապարտող պաստառներ հաւաք կատարած են դեսպանատան մուտքին դիմաց։
Կը նշուի նաեւ, որ երիտասրդները ելոյթներ ունեցած դատապարտելով Պաքուի իշխանութիւններուն հակահայ վարքը, նշելով որ Ատրպէյճանը ահաբեկչական պետութիւն է եւ ամենակարեւորը պահանջելով Ալիեւի իշխանութիւններէն հեռու մնալ Հայաստանի սահմաններէն եւ Սիւնիքէն։
Ուշագրաւ է, որ խօսքերը հնչած են արաբերէն լեզուով եւ դէպքի վայրը ներկայ գտնուած Լիբանանեան ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչներ։
Արցախեան աղէտալի պատերազմի առաջին տարելիցին առթիւ տեղի ունեցած այս բողոքի հաւաքը մեծապէս կը կարեւորուի մասնաւորաբար արաբական աշխարհին մէջ ցոյց տալու աշխարհին, որ պահանջատէր հայութեան ջիղը դեռ ամուր է եւ հայութեան դատի պահանջատիրութիւնը պիտի շարունակուի։