image
Հրատապ լուրեր:

ՀՅԴ Երիտասարդականի ժողովը Աթէնքի մէջ

ՀՅԴ Երիտասարդականի ժողովը Աթէնքի մէջ

Օրերս Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած է Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան Պատգամաւորական ժողովը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Աթէնքի մեր պաշտօնակից ՝«Ազատ օր»էն, ուրկէ կը կարդանք.-

Անցնող շաբաթավերջին, Ֆիքսի «Ա. Մանուկեան» ակումբէն ներս տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան Պատգ. ժողովը, ներկայութեամբ Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչին, Ֆիքսի, Գոքինիոյ եւ Թեսաղոնիկէի խումբերու պատգամաւորներուն, Պատանեկան միութեան Ընդհ. Վարիչ մարմնոյ, շրջաններու կոմիտէներու ներկայացուցիչներուն եւ միութիւններու հրաւիրեալներուն։ Ներկայ էր նաեւ «Ազատ Օր»-ը։

Ժողովը իր երկօրեայ տեւողութեամբ քննեց անցնող տարեշրջանի գործունէութիւնը, ապա շինիչ առաջարկներով շրջագիծի մէջ առաւ նոր տարեշրջանի ծրագիրները, յատկապէս կազմակերպչական, դաստիարակչական, Հայ դատի, Հայաստանի ու Արցախի եւ երիտասարդներու ներգրաւման բնագաւառներէն ներս։ Ժողովի ընթացքին, տեսակապով իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատուները, որոնք զեկուցեցին համաերիտասարդական ծրագիրներուն մասին։ Աւարտին, ընտրուեցաւ 7 անդամ նոր Կեդրոնական վարչութիւն։