image

Հուսիները Եմէնի մէջ ՄԱԿ-ի եօթ աշխատակից ձերբակալած է. գլխաւոր քարտուղարի գրասենեակ

Հուսիները Եմէնի մէջ ՄԱԿ-ի եօթ աշխատակից ձերբակալած է. գլխաւոր քարտուղարի գրասենեակ

Եմէնի հիւսիսը իշխող «Անսար Ալլա» (հուսիներ) շիական շարժման ներկայացուցիչները ձերբակալած են ՄԱԿ-ի եօթ աշխատակից։ Այս մասին, յայտարարած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչի տեղակալ Ֆարհան Հաքը։

Եմէնի մէջ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերով համակարգողի գրասենեակի տուեալներով` միջադէպը տեղի ունեցած է 23 յունուարին, Սանայի մէջ։

«Ի պատասխան` մենք կասեցուցած ենք բոլոր տեղաշարժերը այն շրջաններուն մէջ, որոնք կը գտնուին փաստացի իշխանութիւններու վերահսկողութեան տակ: Միջոցառումը պիտի գործէ մինչեւ հետագայ ծանուցումը»,-նշած է Հաքը։

Անոր խօսքով՝ կազմակերպութեան ներկայացուցիչները կ՚աշխատին պահուող անձերը ազատ արձակելու ուղղութեամբ։

ՄԱԿ-ի աշխատակիցներու ձերբակալութիւնը տեղի ունեցած է 2023 թուականի նոյեմբերին Կարմիր ծովուն մէջ հուսիներու գրաւած Galaxy Leader լցանաւու անձնակազմի ազատ արձակումէն քանի մը օր անց։