Եմէնի հուսիները յայտարարած են Իրանի դէմ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կողմէ իրականացուող պատերազմի մեկնարկէն ի վեր առաջին անգամ Իսրայէլի վրայ յարձակում գործելու մասին ։ Այս մասին կը հաղորդէ Al Jazeera-ն։
Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ խմբաւորումը յայտարարած է, որ արձակած է շարք մը պալիսթիք հրթիռներ, որոնք թիրախաւորած են Յորդանան գետի արեւմտեան ափի հարաւը գտնուող իսրայէլեան ռազմական կառոյցները։
Նշուած է, որ յարձակումը իրականացուած է՝ ի պատասխան Լիբանանի, Իրանի, Իրաքի եւ Պաղեստինի ենթակառուցուածքներուն հասցուած հարուածներուն եւ խաղաղ բնակչութեան մէջ արձանագրուած զոհերուն։
Խմբաւորումը նաեւ յայտարարած է, որ իր գործողութիւնը «պիտի շարունակուի այնքան ատեն, մինչեւ սահմանուած նպատակները իրականացուին»։
Իսրայէլեան բանակը իր կարգին յայտնած է Եմէնէն արձակուած հրթիռի յայտնաբերման մասին։