image

«Պուշահր» աթոմակայանէն տարհանուած է «Ռոսաթոմի» 164 աշխատակից

«Պուշահր» աթոմակայանէն տարհանուած է «Ռոսաթոմի» 164 աշխատակից

 

Իրանի «Պուշահր» աթոմակայանէն տարհանուած է «Ռոսաթոմ»-ի եւս 164 աշխատակից՝ յայտնած են Երեւանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանատունէն։ Նշուած է, որ անոնց տարհանումը կազմակերպուած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով։

Ռուսիոյ քաղաքացիներուն հետ տարհանուած են նաեւ Պելառուսի, Տաճիկստանի եւ Ուզպեքիստանի քաղաքացիներ։

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանատունը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան՝ «Ռոսաթոմ»-ի աշխատակիցներուն հանդէպ ցուցաբերուած լաւ վերաբերմունքին եւ արագ ձեւակերպումներուն համար։

Աւելի վաղ Իրանը Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան տեղեկացուցած էր «Պուշահր» աթոմակայանին վրայ վերջին 10 օրերու ընթացքին երրորդ յարձակուման մասին։