image
Հրատապ լուրեր:

«Հուսիներ»ը դարձեալ ԱՄՆ-ի «Ահաբեկչութեան ցուցակ»ին մաս պիտի կազմեն

«Հուսիներ»ը դարձեալ ԱՄՆ-ի «Ահաբեկչութեան ցուցակ»ին մաս պիտի  կազմեն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ստորագրած է գործադիր հրաման, որով Եմէնի հուսի ապստամբները, որոնք պաշտօնապէս յայտնի են որպէս «Անսար Ալլահ», կը սահմանուին որպէս «օտարերկրեայ ահաբեկչական կազմակերպութիւն», յայտարարած է Սպիտակ տունը:

Թրամփի նախորդի՝ Ճօ Պայտընի օրօք հուսիները ներառուած էին «յատուկ նշանակութեան համաշխարհային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու» ցուցակին մէջ։ Սա աւելի քիչ սահմանափակող դասակարգում է: Մինչդեռ Թրամփի որոշումը նպատակ ունի վերականգնել օտարերկրեայ ահաբեկչական կազմակերպութեան  աւելի խիստ եւ սահմանափակող կարգավիճակը:

Թրամփի գործադիր հրամանին մէջ ըսուած է, որ հուսիները «բազմաթիւ յարձակումներ իրականացուցած են քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վրայ, ներառեալ քանի մը յարձակումներ Սէուտեան Արաբիոյ քաղաքացիական օդակայաններու վրայ եւ 2023 թուականի հոկտեմբերէն ի վեր աւելի քան 300 արկ արձակած են Իսրայէլի ուղղութեամբ»:

2023-ի հոկտեմբեր 7-էն Կազայի հատուածին մէջ պատերազմի մեկնարկէն քանի մը շաբաթ անց հուսիները յարձակումներ սկսած են Կարմիր ծովուն եւ Ատենի ծոցուն մէջ նաւերու վրայ՝ պնդելով, որ այդկերպ կ՚աջակցին պաղեստինցիներուն: Անոնք նաեւ նշած են, որ Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծ Բրիտանիոյ պատկանող նաւերը «օրինական թիրախներ» են հարուածներու համար: