Առուշ Առուշանեանը ոչ թէ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ցուցակով հանդէս պիտի գայ, այլ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը դաշինք պիտի ձեւաւորէ այն կուսակցութեան հետ, որմով պիտի առաջադրուի Առուշ Առուշանեանը: Այս մասին սեպտեմբեր 11-ին կառավարութենէն ներս ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
«Մենք գնացել ենք Գորիսում ընտրութիւնների համատեքստում կրկնակի լարուածութիւններ չառաջացնելու տրամաբանութեամբ, եւ այո, այս որոշման հեղինակը գորիսցիներն են առաջին հերթին իրենց քուէարկութիւններով։ Մենք որոշել ենք այո, գնալ համերաշխութեան ճանապարհով, ոչ թէ ՔՊ-ի կամ Առուշ Առուշանեանի սիրոյն, այլ Գորիսի քաղաքացիների սիրոյն, ցոյց տալով, որ մենք նաեւ լսում ենք իրենց ձայնը, ինչքան էլ դժուար լինի»,-ըսած է վարչապետը։
Փաշինեանը մանրամասնած է, որ 2021-ի համապետական ընտրութիւններուն Գորիսը քուէարկած է իշխող կուսակցութեան օգտին, մինչդեռ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն նախապատւութիւնը տուած է Առուշ Առուշանեանին։ Անոր խօսքով՝ այս հակասութիւնը, որու հեղինակը ժողովուրդն է, կը ստեղծէ մշտական լարուածութիւն։
«Սա այն դէպքն է, երբ որ ինչ-որ առումով նաեւ ժողովրդի եւ գորիսցիների պարտադրանքին ենք ենթարկուել: Այս ընտրութիւններում էլ Գորիսը քուէարկել է քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան օգտին: Եւ մենք այդ ազդակները անընդհատ նաեւ Գորիսից ենք ստանում, որ ինչու էք անընդհատ բախման տրամաբանութեամբ պրոցեսներ գեներացնում Գորիսում»,- ըսած է Փաշինեանը:
Առուշ Առուշանեանը Գորիս համայնքի գործող ղեկավարն է։
Գորիսի մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ կայացած են հոկտեմբեր 25-ին:
Առուշ Առուշանեանը Գորիս համայնքը կը ղեկավարէ 2017-ի նոյեմբերէն։
2021-ի յուլիսին ան կալանաւորուած է։ Անոր մեղադրանք առաջադրուած է պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու, ընտրութիւններուն մասնակցելուն կամ քուէարկելուն հարկադրելու, ինչպէս նաեւ ապօրինի ձեռնարկատիրական գործունէութեան եւ այլ դրուագներով։
2021-ի հոկտեմբեր 21-ին կալանքի տակ գտնուող Առուշ Առուշանեանը յաղթած էր Գորիսի մէջ կայացած համայնքապետի ընտրութիւններուն։
2022-ի մարտին դատարանի որոշմամբ անոր նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը փոխուած է, եւ ան ազատ արձակուած է գրաւի դիմաց։